Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւն ՝ Ժընեւի մէջ

Զուիցերիոյ ազգային Առաջնորդարանի դիւանէն ստացած ենք տեղեկութիւն, ծխական նոր խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ։ Այդ առթիւ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։ Սիրով կու գանք տեղեկացնելու թէ` Կիրակի 1 Յուլիս 2018-ին, Ժընեւի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագը` ձեռամբ Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանի: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ ներքեւի սրահին մէջ խաղաղ ու համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի տարեկան անդամական ժողովը ու հաշուետուութիւնը: Ժողով բացուեցաւ Տեղապահ Հայր Սուրբին աղօթքով: Ժողովի Ատենապետութիւնը վարեց Տիկին Թալին Աւագեան,իսկ քարտուղարութիւնը ստանձնեց Տիկին Մետա Խաչատրեան: Ներկայ էին 70 եւ աւելի անդամներ: Ժողովի աւարտին ներկայ Ծխական խորհուրդի անդամները 6 տարուան պաշտօնավարութենէն յետոյ ներկայացուցին իրենց հրաժարականը ու չառաջադրուեցան: Նոր առաջադրուած 9 անդամներ ժողովին մասնակից բոլոր ներկայ անդամներու համաձայնութեամբ ընտրուեցան որպէս Ծխական խորհուրդի նորընտիր անդամներ պաշտօնավարելու 3 տարուան շրջանի համար` վերընտրուելու իրաւունքով: Տեղապահ Հայր սուրբը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հին խորհուրդի անդամներուն որոնց հետ չորս ու կէս տարիներ միասին աշխատեցաւ: Ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց նորընտիր անդամներուն, մաղթելով անոնց յաջողութիւն ու Աստուծոյ օգնութիւնը իրենց այս նուիրական առաքելութեան մէջ: Դիւան Զուիցերիոյ Առաջնորդարանի Ժընեւ 01.07.2018